2014-06-16 15:43:16

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեծ Անծանօթը Կամ` Մեր Կռնակը Ստացած Աստուածը…


Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր Պենտեկոստէ է, Հոգեգալուստ, Աստուած Սուրբ Հոգիին «յերկնուստ» էջքն է Քրիստոսի առաքեալներուն, աշակերտներուն, բարեպաշտ կիներուն եւ առաջին հետեւորդներուն վրայ:
Պատմական դէպք է, որուն մանրամասն նկարագրութիւնը կու տայ Սուրբ Ղուկաս իր «Առաքեալներուն գործեր» երկին մէջ (Գ. Առ. 2, 1-41): Աստուծոյ իշխանութեան եւ հզօրութեան դրսեւորումներ էին «երկնքէն հնչիւն», «սաստիկ հողմ» ու «կրակի լեզուներ» առումները, որոնք նախադիրներն եղան այն պատմական ճշմարտութեան, թէ վերոյիշեալ անձերը` «բոլորը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներով, ինչպէս Հոգին կու տար անոնց կարողութիւն խօսելու»:
Առաջին օրն էր, որ, Հոգեգալուստո՛վ, պատահեցան այն երկու իրողութիւնները, որոնք պիտի ունենային իրենց առանձնայատուկ հետեւանքները նորաստեղծ մեր կրօնին համար` ոչ միայն բարեփոխելով մարդկութիւնն ու յեղաշրջելով տիեզերքը, այլ նաեւ` բանալով աստղածուփ երկնակամարին շնորհասահանքը:
Առաջինն էր, թէ աստուածային յստակութեամբ յայտնուեցաւ մահուան ու մեղքին վրայ յաղթանակը, զոր Յիսուս Քրիստոս շահեցաւ իր առաքելութեամբ, իր հնազանդութեամբ, իր խաչազոհով, իր յարութեամբ եւ իր համբարձումով. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յվհ. 16, 33):
Երկրորդն էր, որ աստուածային արտայայտութեամբ հրապարակուեցաւ Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին, պաշտօնականացաւ անոր ներկայութիւնն ու հաստատուեցաւ անոր առաքելութիւնը. «Ես պիտի ղրկեմ ձեզի Սուրբ Հոգին, զոր Հայրս խոստացաւ: Դուք, ուրեմն, մնացէ՛ք քաղաքին մէջ, մինչեւ որ երկնքէն Զօրութիւնն առնէք» (Ղկ. 24, 49):
Այո՛, յարուցեալ Տէրը առաքեալներուն «պատուիրեց չմեկնիլ Երուսաղէմէն, այլ` սպասել Հօր խոստումին, զոր լսեցիք Ինձմէ (Գ. Առ. 1, 4): Դուք Զօրութիւնը պիտի առնէք, երբ Հոգին Սուրբը իջնէ ձեր վրայ: Դուք պիտի ըլլաք իմ վկաներս Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ եւ մինչեւ ծայրերն աշխարհին» (Գ. Առ. 1, 8):
Այսպէս, Յիսուսի աշակերտները, արդէն «վկաներ»` իրենց Տիրոջ յարութեան ու համբարձումին, այսօր կը ստանան Աստուած Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը, անոնց միտքն ու սիրտը կը բացուին նոր լոյսին, նոր իմացումին: Ճիշդ է, անոնք հետեւեցան իրենց հրաշագործ, պերճաբան «Րաբբունի»-ին եւ հաւատքով ընդունեցան անոր վարդապետութիւնը, բայց զայն միշտ չկրցան լիովին ըմբռնել: Ուստի, տակաւին գալու էր «իմաստութեան Հոգին», որ զանոնք պիտի ներածէր ամբողջ ճշմարտութեան մէջ (Յվհ. 16, 12-33):
Աշակերտները գիտէին, թէ միայն Յիսուսի խօսքերուն մէջ պիտի կարենային գտնել յաւիտենական կեանքը: Նոյնիսկ յօժար էին Անոր հետեւելու եւ իրենց կեանքը զոհելու Անոր համար, սակայն անոնք տկար էին եւ, երբ «փորձութեան» ժամը հասաւ, փախուստի դիմեցին` լքելով առանձին իրենց «Տէրն ու Վարդապետը»:
Այսօր, Պենտեկոստէին, այս բոլոր ստուերամած եղելութիւններն անհետացան: Սուրբ Հոգին, զօրութեան Հոգին, տուաւ անոնց լեզու, տոկունութիւն, ապահովութիւն, ստուգութիւն, համարձակախօսութիւն ու յանդգնութիւն: Երուսաղէմի մէջ ոչ միայն հոն ժամանած ամէն ազգէ «իւրաքանչիւրը իր լեզուով կը լսէր առաքեալներուն խօսքը», որ շատ խիզախ ու առինքնող էր, այլ նաեւ բոլոր ունկնդիրները «կը սքանչանային, կը զարմանային եւ իրարու կ՛ըսէին.՛՛Միթէ ասոնք` բոլորը, որ կը խօսին, գալիլիացիներ չե՞ն եւ ինչպէ՞ս կը լսենք զանոնք մեր մայրենի բարբառով… Կը լսենք զանոնք, որ մեր լեզուներով կը հռչակեն Աստուծոյ սքանչելիքները»:
Նորահունչ խօսքերն ու նորասքանչ հրաշքները, որոնց ականջալուր եւ ականատես վկաներ էին «երկիւղած մարդեր` ամէն ազգէ, որ կայ երկնքին տակ», արթնցուցին անոնց ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը նկատմամբ առաքեալներուն քարոզին: Նոյն Սուրբ Հոգին, որ ներգործեց Տիրոջ աշակերտներուն մէջ, յուզեց սրտերն ու դպաւ մտքերը հոն գտնուածներուն` զանոնք առաջնորդելով նոր հաւատքին:
Քրիստոսի խաչին, յարութեան, համբարձումին ու փառաւորութեան մասին «համարձակութեամբ» տրուած վկայութեան «այս խօսքերը լսելով` իրենց սրտին մէջ զղջացին եւ ըսին Պետրոսին ու առաքեալներուն. «Եղբայրնե՜ր, ի՞նչ պէտք է ընենք»: Պետրոս պատասխանեց.«Զղջացէ՛ք եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսի անունով իր մեղքերուն թողութեան համար եւ պիտի ընդունիք Սուրբ Հոգիին խոստումը»:
Մանրամասն նկարագրութիւնը կ՛աւարտի այս զգլխիչ պատմագրական նախադասութեամբ. «Ոմանք յօժարութեամբ ընդունեցան Պետրոսի խօսքը եւ մկրտուեցան: Եւ այն օրը անոնք մօտաւորապէս երեք հազար հոգիներով աւելցան»:
Սուրբ Հոգիին «սաստիկ» էջքը մեկուսացած պատահար չէր Եկեղեցիին սկզբնաւորութեան: Մանաւանդ համարեա չկայ էջ մը «Առաքեալներուն Գործեր»-ուն մէջ, ուր չենք կարդար Եռանձնեայ Աստուծոյ Երրորդ Անձին կամ անոր մէկ արարքին մասին:
Սուրբ Հոգին առաջնորդեց եւ ոգեւորեց քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան կեանքն ու կենցաղը: Պետրոսին ներշնչեց աւետարանումին խօսքը (Գ. Առ. 4, 8): Զօրացուց աշակերտներուն հաւատքը (Գ. Առ. 4, 31): Իր գալուստով` հաստատեց կոչը հեթանոսներուն (Գ. Առ. 10, 44-47): Պօղոսն ու Բարնաբասը ղրկեց հեռաւոր երկիրներ, որպէս զի բանային նոր ճամբաներ Քրիստոսի վարդապետութեան համար (Գ. Առ. 13, 2-4):
Եզրակացութիւն: Խոր իրականութիւնը, որ Աստուած Ս. Հոգիին ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը փաստող դէպքերը կը թուէ, յիշատակ չէ անցեալին, ո՛չ ալ Եկեղեցիին ոսկեդարեան ժամանակաշրջանը, որ այլեւս սուզուած է պատմութեան մէջ: Այս իրականութիւնը, մեզմէ իւրաքանչիւրիս ողորմելիութիւններուն եւ մեղքերուն ի հեճուկս, իրականութիւնն է Եկեղեցիին` այսօր եւ բոլոր ժամանակներուն մէջ. «Ես պիտի աղաչեմ Հօրս, որպէսզի ուրիշ Մխիթարիչ-Օգնական մը տայ ձեզի, որպէսզի ձեզի հետ բնակի յաւիտեան» (Յվհ. 14, 16):
Այսպէս խօսող Տէրը պահեց իր խոստումը: Յարութիւն առաւ, համբարձաւ եւ վերամիանալով Հօր հետ յաւերժական փառաւորութեան մէջ` մեզի ղրկեց Սուրբ Հոգին, որ մեզ սրբացնէ ու կենսաւորէ: Սակայն այսօր ընդհանրապէս քրիստոնեաներուս ապրելակերպին, մտածելաձեւին ու առօրեային մէջ ի՞նչ տեղ կու տանք եւ ինչպիսի՞ դեր կը թոյլատրենք Աստուած Սուրբ Հոգիին… Քսաներորդ դարու ամենանշանաւոր սուրբերէն մէկուն ուղիղ բնութագրումով կը պատասխանեմ. «Մեծ Անծանօթն է Սուրբ Հոգին»…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 8 յունիս 2014







All the contents on this site are copyrighted ©.